2017-04-21 08:27:00

Ահաբեկչական յարձակում` Փարիզի Շանզելիզէ թաղամասին մէջ։


Հինգշաբթի 20 ապրիլի երեկոյեան Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի Շանզելիզէ թաղամասին մէջ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը, որուն զոհ գացին ոստիկան մը եւ յարձակումը կատարողը: Աւելի ուշ ֆրանսական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ մահացած է երկրորդ ոստիկան մըն ալ, որ ծանրօրէն վիրաւորուած է յարձակումին ժամանակ:

Ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ խուզարկած է յարձակումը կատարողին բնակարանը: Կալանաւորման հրամանագիր մը արձակուած է նաեւ երկրորդ կասկածելիի մը նկատմամբ:

ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը ստանձնեց յարձակումին պատասխանատուութիւնը` յայտարարելով, որ յարձակումը կատարողը խմբաւորումի անդամներէն Ապու Եուսեֆ Պելճիքին է








All the contents on this site are copyrighted ©.